Beautifully Illustrated Children's Books Inspired by Little Minds, Created with Big Love

Dr. Aline Baghdassarian is a pediatric emergency medicine physician, mom of three and children's book author. With a lifelong love of storytelling, she is passionate about creating books in which Armenian children can see themselves, connect with their mother tongue, and embrace their cultural heritage. Balancing her career in medicine with her passion for writing, she brings new worlds to life for young readers, inspiring them to explore, imagine, and celebrate their roots.
Տոքթ Ալին Պաղտասարեանը մանկաբոյժ, մանկական շտապ բժշկութեան մասնագէտ, երեք զաւկի մայր եւ մանկագիր է։ Ան պատմութիւններու հանդէպ յատուկ սէր ունի եւ կը փափաքի, որ հայ երեխան այնպիսի գրականութիւն ունենայ, որուն մէջ ինքզինք գտնէ, իր մայրենին սիրէ եւ իր մշակոյթը բնական կերպով ապրի։ Ան խնամքով բժշկական ասպարէզն ու գրելու կիրքը կը համադրէ փոքրիկ ընթերցողներու համար նոր աշխարհներ ստեղծելու նպատակով։

Հարցում․- «Նարէն ագարակ կ՚այցելէ» պատկերազարդ մանկական գրքոյկը իր ոճով եւ բովանդակութեամբ սիրուն է եւ գրաւիչ։ Ինչո՞ւ այս գրքոյկը այսօր կը հրամցնէք հայ աշակերտին։
Պատասխան․- Սփիւռքահայ աշակերտը, այսօր շրջապատուած է հմայիչ պատկերներով եւ պատմութիւններով։ Համաշխարհային մանկապատանեկան գրականութիւնը օրէ օր կը զարգանայ եւ քայլ կը պահէ ընկերային եւ ժամանակակից թեմաներուն հետ։
Դժբախտաբար արեւմտահայ մանկապատանեկան գրականութիւնը, հասկնալի պատճառներով, նոյն յառաջխաղացքին մէջ չէ։
Սփիւռքի մէջ մեր երեխաները իրենց առօրեան կ՚ապրին օտար լեզուներով։ Բնութեան եւ իրենց իսկ մարմնին ու զգացումներուն կը ծանօթանան օտար լեզուներով։ Իսկ հայերէնը կը վերապահուի, լաւագոյն պարագային, որոշ միջավայրերու եւ կարգ մը ազգային թեմաներու։ Այսպիսով՝ ճեղք մը կը ստեղծուի երեխայի իբրեւ մարդ եւ իբրեւ հայ ինքնութիւններուն միջեւ։
«Նարէն ագարակ կ՚այցելէ»-ն կը փորձէ այս ճեղքը կամրջել։ Պատրաստուած իբրեւ նկարազարդ գիրք (picture book), որ մանկական գրականութեան ինքնուրոյն եւ լիարժէք տեսակ մըն է, այս գիրքը կը տարբերի պատկերազարդ պատմութենէն։ Հոս՝ պատկերը եւ բառը համազօր դեր կը խաղան պատմութիւնը փոխանցելու մէջ։
Գիրքէն կրնան օգտուիլ տակաւին անկախ կարդալու կարողութիւն չունեցող երեխաները՝ չափահաս ընթերցողի միջնորդութեամբ (3-էն 5/6 տարեկան) ։
Իսկ ինքնուրոյն կարդացող աշակերտը (7–10 տարեկան) պատմութեան ընդմէջէն կ՚ամրացնէ իր լեզուական հմտութիւնը, գիտելիքները եւ կը զարգացնէ իր երեւակայութիւնը։
Այսօրուան հայ աշակերտին համար, յատկապէս սփիւռքի պայմաններուն մէջ, նման գիրքերու գոյութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ անոնք կը քաջալերեն ծնող-երեխայ կամ ուսուցիչ-աշակերտ համատեղ ընթերցումը։
Արեւմտահայերէնը այստեղ կը գործածուի իբրեւ կենդանի պատմող լեզու, որու կ՚ընկերանայ պատկերային մտածողութիւնը զարգացնելով երեխային հայերէն լեզուամտածողութիւնը։
January 20, 2026
Interviewed by: Hovsep Avakian